2012-06-01 18:43:11

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Միլանոյի Մէջ։
<> Կեդրոնական Հրապարակի Վրայ Եւ Աքալա Թատերասրահի մէջ Արտասանած Ճառերը։


Երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետի Միլանօ կատարած Առաքելական այցելութենէն 28 տարիներ ետք, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յունիս 1-ի յետ միջօրէի ժամը 17.10 անց ժամանեց Միլանոյի Լինադէ օդակայանը ուր զինք դիմաւորեցին քաղաքական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան իշխանութիւններու ներկայացուցիչները որոնց շարքին Միլանօ Թեմի առաջնորդ Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան, Միլանոյի Քաղաքապետ Տիար Ճուլիանօ Բիզաբիան եւ Իտալիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչ նախարար Անտրէա Ռիքքարտին ։

Ողջունելէ ետք պատկան իշխանութիւնները Նորին Սրբութիւնը Քահանայապետական յատուկ ինքնաշարժով ուղղուեցաւ դէպի Միլանոյի <> կեդրոնական հրապարակը ուր մեծ ուրախութեամբ զինք կը սպասէին հազարաւոր ընտանիքներ։
Հրապարակ ժամանելուն Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսք ուղղեցին Միլանոյի Քաղաքապետ Տիար Ճուլիանօ Բիզաբիան եւ Միլանոյ Թեմի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ճառ մը արտասանեց ներկաներուն որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար ու գոհաբանութիւն մատուցեց առ Աստուած Միլանօ այցելելու ներկայացուած այս առիթին համար։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակի վրայ գտնուող Միլանոյի քաղաքը խորհրդանշող կոթողին որ <<կը հրաւիրէ նայելու դէպի վեր, դէպի Աստուած -ըսաւ Ան ու աւելցուց - Դէպի երկինք այս սլացքը Միլանոյի խորհրդանիշն է որ տարիներու ընթացքին անոր թոյլ տուաւ համապատասխանելու իր կոչումին, այն է <<Ըլլալ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու խաչմերուկ մը>>։

Սրբազան Հայրը ապա յատուկէն ողջունեց Թեմի առաջնորդը կարտինալ Սքոլան ինչպէս նաեւ Թեմի երբեմնի առաջնորդները Կարտինալ Տիոնիճի Թէթթամացցին եւ Կարտինալ Գարլօ Մարիա Մարթինին հուսկ սիրալիր ողջոյնի խօսք մը ուղղեց համայն աշխարհէն, Ընտանիքներու համաշխարդային 7րդ հաւաքի առթիւ, Միլանօ համախմբուած հազարաւոր ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն, մասնաւորապէս յիշելով անոնք որոնք օգնութեան եւ սփոփանքի կը կարօտին ինչպէս նաեւ միայնակ ապրող անձերը, անգործները, հիւանդները, բանտարկեալները, տնանկներն ու չքաւորները։ <<Այս մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ոչ մէկուն պակսի հաւաքականութեան զօրակցութիւնը>> ըսաւ Սրբազան Հայրը գնահատելով Միլանոյի Թեմի, այս ուղղութեամբ, տարած ջանքերը ինչպէս նաեւ Միլանոյի ու համայն իտալիոյ եկեղեցւոյ տուած անմիջական օժանդակութիւնը Իտալիոյ Էմիլիայ Ռոմանիայ շրջանի աղէտալի երկրաշարժի զոհերուն։

Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Ամպրոզիոսի ու Հռոմի եկեղեցւոյ հետ Միլանոյի թեմի պատմական կապերուն մասին ակնարկելով յատկապէս Միլանօյի թեմի սուրբերուն ու Քահանայապետներուն մասին։

Խօսքը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ <<Սիրելի բարեկամներ ձեր պատմութիւնը մշակոյթով ու հաւատքով հարուստ է։ Այժմ ձեզի կը մնայ այս հոգեւոր ժառանգութիւնը արժեւորել ու զայն փոխանցել յաջորդ սերունդներուն։ Մեռած ու Յարուցեալ Յիսուս Քրոստոսի հաւատքը թող կենդանացնէ անձնական, հասարակական, անհատական եւ հանրային կեանքը, իսկական եւ կայուն բարօրութիւն մը յառաջացնելով, սկսեալ ընտանիքէն որ մարդկութեան առաջնկարգ ժառանգութիւնն է։ Դերերու զանազանութեան հանդերձ <<աշխարհական>> եւ <<հաւատքի>> Միլանոն կանչուած է գործելու հասարակաց բարիքի ի խնդիր - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու Տիրամօր բարեխօսութեան յանձնելով ներկաները տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։

Երեկոյեան Ժամը 19.30 -ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Միլանոյի Սքալա թատերասրահին մէջ մասնակցեցաւ իրեն ի պատիւ կազմակերպուած յատուկ համերգին որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Պէթհովէնի <<ուրախութեան գովերգ>> ը։ Համերգի աւարտին իր արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը գովքը կատարեց գերմանացի հանճարեղ ստեղծագործին ըսելով << Պէթհովէնի ներկայացուցած ուրախութիւնը քրիստոնէական ուրախութիւն մը չէ բայց ժողովուրդներու միասնաբար կենակցութեան ու եղբայրակցութեան ուրախութիւնն է, անձնասիրութեան դէմ յաղթանակի ուրախութիւնն է եւ հրաւէր մը մարդկութեան քալելու սիրոյ ճանապարհի վրայ որեւէ համոզումէ անդին>>։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ դարձեալ յիշեց Իտալիոյ Էմիլիայ Ռոմանիայ շրջանի աղէտալի երկրաշարժը ու բնակչութիւնը ու խօսքը եզրափակելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին մատնանշելով թէ Պէթհովէնի այս ստեղծագործութիւնը առիթ մըն է երաժշտութեան միջոցաւ ուղղելու պատգամ մը որ վերահաստատէ զօրակցութեան, եղբայրութեան եւ խաղաղութեան հիմնական արժէքները։ Պատգամ մը որ կարեւոր է նաեւ Ընտանիքին համար որով ընտանիքի սրտին մէջն է որ սկիզբ կ՛առնէ խաղաղութեան լոյսը որ մեր աշխարհը կը լուսաւորէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.